2016-11-22 09:46:00

Նոյեմբերի 23-24 երկարող գիշերը` Ս. Պետրոսի ս. Ծննդեան տօնածառը կը ժամանէ Հռոմ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ, 1982էն ասդին սովորութիւն դարձած է, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղել Սուրբ Ծնունդը խորհրդանշող՝ հսկայական մսուրը եւ կաղանդի տօնածառը։

25 մեթր բարձրութեամբ եղեւնիի տօնածառը` այս տարի նուիրուած է Իտալիոյ Թրենթօ Մարզի` Սքուրելլէ-Ֆորեսթէ Տէլ Լակորայ քաղաքապետարանի կողմէ։ Տօնածառը Հռոմ կը ժամանէ նոյեմբեր 23-24 երկարող գիշերուայ ընթացքին ու կը զետեղուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։

Վատիկանի պետութեան հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ յառաջիկայ 9 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէի 4.30-ին տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի 2016-ի`  Ս. Ծննդեան մսուրին ու տօնածառին բացման արարողութիւնը։

Աւանդութիւն դարձած Սուրբ Պետրոսի մսուրն ու տօնածառը լուսաւորուած պիտի մնան մինչեւ 2017-ի` Յունուար 8-ն` Յիսուսի Մկրտութեան յիշատակումի տօնին օրը։

Տօնածառի լուսաւորումին համար պիտի օգտագործուին 18 հազար լամբարներ։  Անոր զարդարանքը կը հոգան, ինչպէս միշտ, Վատիկանի պարտէզներու սպասարկութեան եւ ճարտարարուեստական սպասարկութեան անձնակազմը։








All the contents on this site are copyrighted ©.